top of page

Արեւմտահայերէն Բանաստեղծութեան Միջազգային Մրցոյթ

Երեւանեան գիրքի 9-րդ միջազգային փառատօնը եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը յայտարարեն Արեւմտահայերէն Բանաստեղծութեան Միջազգային Մրցոյթ։ 

BOOK-FEST_WEB_800X400_02.jpg

Այս նախաձեռնութեան նպատակն է խրախուսել արեւմտահայերէն ստեղծագործութիւնը, նպաստել արեւմտահայ գրականութեան զարգացման եւ նոր շունչ հաղորդել հայ ժողովուրդին մշակութային ժառանգութեան կարեւորագոյն հենասիւններէն մէկուն՝ արեւմտահայերէնին։ 
 

Մրցոյթը կը միտի ոչ միայն յայտնաբերելու տաղանդաւոր հեղինակներ, այլեւ ամրապնդելու արեւմտահայերէնի ներկայութիւնն ու կենսունակութիւնը աշխարհասփիւռ հայ համայնքներուն մէջ՝ զայն վերածելով ստեղծագործական արտայայտութեան կենդանի ու զարգացող միջոցի։
 

Մասնակցութեան դիմում կրնան ներկայացնել 18 տարին բոլորած անձեր՝ անկախ իրենց քաղաքացիութենէն կամ բնակութեան երկրէն։

Ներկայացուելիք բոլոր ստեղծագործութիւնները պէտք է գրուած ըլլան արեւմտահայերէնով:
 

Մրցոյթին յաղթողը պիտի արժանանայ 1000 եւրօ դրամական մրցանակի։

Դիմումին գնահատումին համար պէտք է ներկայացնել 10 բանաստեղծութիւն։ Բանաստեղծութիւնները կրնան նախապէս հրապարակուած կամ հրատարակուած ըլլալ։
 

Դիմումին փաթեթը պէտք է ղրկել info@yerevanbookfest.com հասցէին՝ «Word» ձեւաչափով (բոլոր գործերը մէկ միասնական փաստաթուղթի մէջ)։
 

Նամակին «Նիւթ» (Subject) տողին մէջ պէտք է նշել մասնակցին անունն ու ազգանունը, ինչպէս նաեւ մրցոյթի անուանումը (օրինակ՝ «Անուն Ազգանուն՝ արեւմտահայերէն բանաստեղծութեան մրցոյթ»)։ ԿԿցեալ պէտք է ղրկել նաեւ համառօտ ինքնակենսագրութիւն (CV) եւ կապի տուեալներ։
 

Դիմումներու ընդունման վերջնաժամկէտն է 10 Օգոստոս 2026 (ներառեալ)։
 

Մասնագիտական ժիւրիին կազմը՝

  • Թամար Պոյաճեան

  • Րաֆֆի Աճէմեան

  • Կարեն Ջալլաթեան

  • Սոնիա Սանան Քիլէճեան
     

Նախաձեռնութեամբ եւ աջակցութեամբ՝ ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սպորտի Նախարարութեան

Հովանաւորութեամբ՝ Երեւանի Քաղաքապետարանին 

Արեւմտահայերէն Բանաստեղծութեան Միջազգային Մրցոյթին հովանաւոր՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւն 

Կազմակերպիչներ՝ Եղիշէ Չարենցի Անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարան և «Գրքի փառատոն» կրթամշակութային հասարակական կազմակերպություն։

bottom of page