Արա Գազանճեան

Մեր միջեւ հեռաւորութիւնը
Առաւօտ մըն է պայծառ
Եւ քաղաքն այս որ կը նուագէ յիմար
Ցտեսութեան երգ մը թախծոտ։
Մեր միջեւ հեռաւորութիւնը
- Ծառ մըն է կանաչ
Ամէնուս պէս որ կը ծաղկի – կը մերկանայ
Տեսիլքներէ մահագունատ։
Մեր միջեւ հեռաւորութիւնը
- Պոռնիկ մըն է երջանիկ
Որ կը ճզմէ ամէն կրօն
...ամէն հաւատք։
Մեր միջեւ հեռաւորութիւնը
- Երկուքիս կէսն է հաւասար
Երկուքիս ոխը հարազատ...։
Հոս
Հոս
Մոռցուած երգէ մը դուրս
Կը փնտռեմ քեզ
Երբ հեռաւոր ձայներ տխուր
Կը կերտեն քեզ
Ծովուն դիմաց
Շառաջելով։
Երբ կայիր
Երբ կու գայիր
Նուռի մը պէս փշռելու հոգիս
Կը ցանկայի
Յաւերժ մնալ
Տարակուսած ու կորսուած
Աչքերուդ անծայրածիր խաւարին մէջ։
Վերջացած Համանուագ
Ո՛ւնկն դիր
Ձայնին
Որ խարշափն է ամայութեան մէջ
երկարած ծառին,
Ցաւին
Որ խաբկանք չէ
Այլ իրական
Ինչպէս
Հայելին
Որուն տարօրինակութիւնը
կ՚այլանդակէ միջոցը
Սրտին։
Ո՛ւնկն դիր
Փսփսացող վայրկեանին,
Ժամին,
Օրերուն,
Տարիներ ետք
Վերջացած գեղեցկութեան։
Արեւի Քաղաք
Ես կը քանդեմ
Աչքերուդ մէջ ինկած պարիսպները
Արեւի Քաղաքին.
Յոգնած մշուշը
Հետզհետէ կը բարձրանայ,
Մինչ խաչքարեր,
Վառօդի մէս կ՚այրին արագ,
Եւ կը սպառի պատմութիւնը
Յանկարծակի.
Ու ես դեռ կը մտածեմ քանդել
Քե՛զ ալ
Որ կը կռուիս մահուան դէմ ու
Կեանքին,,
Եւ ըսել աշխարհին
Որ դո՛ւն
Ե՛ս
Մենք բոլո՛րս,
Օր մը ծնանք անյիշատակ
Ու անյիշատակ օր մը փոյթով
Անհետացանք պատմութենէն։
ԾՆՈՒՆԴ
ինչ լաւ եղաւ որ ծնանք
առաւօտէն մէկ քայլ առաջ
հոսելով ներս քաղաքէն
եւ հողէն դուրս բառ-առ-բառ
մնացինք խօսք անհաղորդ
լուսնի լոյսին տակ արծաթ։
աշունը զիս մասնատեց
եւ բառ-առ-բառ
կ՚իյնամ ցած
- ալ խօսք չկայ մեծնալու -
պատին տակ լուռ կծկուած
աշունը զիս կը ներկէ
ու գունաթափ կը մնամ
խրտուիլակի պէս կանգնած
հայելիին մէջ կեանքին։
ինչ լաւ եղաւ որ ծնայ
բայց քայլ-առ-քայլ հեռացայ
ինքնութենէն իմ անյայտ։
*
բացուած
գիշերուան մը տխրութիւնը սառած
բացուած ու հասունցած
սիրոյ մը հանգոյն
ժամ առ ժամ կը մտնեմ ներս
տող 6 տող սառելով նաեւ ես
հոն
ուր դուն քաղաքիս չափ մեծցար
քաղաքիս չափ մտերմանալով
հոգիիս հետ
տող 6 տող
կը գտնեմ քեզ
6 գիշերը կ՚երգէ տխուր
հասուն աչքերը թարթելով 6
կ՚երկարեմ քեզ ձեռքս
աչքերուդ մէջ նուագելով երգը
հանդիպումի
6 քանդուած 6
որ մեծցաւ անարցունք
քեզ է որ հիմա
քաղաքէս աւելի կը փնտռեմ
բնակելու մէջդ։
ՀՈՆ
Հո՛ն,
ուր գիշերը լոյս է կախարդ
ու խարշափը ծառին
զարկերակս է յոգնած,
հո՛ն,
ուր փողոցները կը ծնին քեզ
ամէն անկիւնադարձ,
հոն է որ
կ՚երթայ հոգիս մսկոտ,
ամէն առաւօտ
մինակ 6 միս մինակ,
ու կը նստի
աչքերուն մէջ ցաւին
իբրեւ արցունք
որուն կրկնօրինակը
կը պահես թաշկինակիդ մէջ
չորցած
ի յիշատակ ցաւին:
ՄՈՒՍԱ ԼԵՌ
Ամէն ինչ լեռը պահեց
Մեռելները մեր անյաղթ եւ ծառերը արեւի,
Որոնց վրայ լոյսը շող դարձաւ պտուղ ՝ արեգակ
Արդար թէեւ, բայց ցաւի արցունք է որ կը կաթի
Ամէն առտու երբ առնես լեռը գրկիդ մէջ կախարդ...
Ամէն ինչ լեռը պահեց
- Մեր անցեալը արեւոտ –
Որ դարձած է երգ թախծոտ
Էջերուն մեր պատմութեան...
Լեռը մնաց արիւնոտ յիշատակը մեծութեան
Ազգիս որ միշտ կը նայի այդ մշուշոտ կատարին...
Լեռը մնաց յիշատակ այն օրերէն
Որ կնքեց ազգիս անունը բոլոր մատեաններուն մէջ օտար...
Լեռը մնաց այդ ուժեղ պատարագը հաւատքիս
Ուրկէ ամէն օր լռած տիրոջ ձայնը կը լսուի...:
Երկիր Հնամեայ
Բաժնուեցանք իրարմէ
Գիշերուան մէջ գրկելով մութը խաւար,
Մեր աչքերուն մէջ յոգնած
Կորսուեցան վերադարձի ճամբաները դարձդարձիկ,
Մինչ անձրեւը լուաց յուշերս տմոյն
Իջնելով ցած
Արձաններուդ վրայ քարէ։
Կղզին հեռուն
Առանց ձայնի աղօթեց
«Փառք ի բարձունս»
Սակայն մեզի
Ոչ փառք մնաց
Եւ ոչ ալ բարձրեալ
Կամ բարձունք
Որուն վրայ հազար զոհեր
Իրենց հոգիներուն պատարագը կերտեցին...։
Ինչ որ մնաց
Փոշեթաթախ առասպելներն են անցեալ,
Մեր զոհերուն համար թափուած
Արցունքը ցոյլ, թափանցիկ,
Որ կ՚անձրեւէ երկրիս վրայ հնամեայ։
*
Հոն ուր էիր բացակայ
Քեզ գտայ
Սրտիս մէջ կծկուած...
Հոն ուր էիր ակամայ
Քեզ տեսայ – թեւերդ բացած
Յիսուն քայլ ետք կարօտէն։
Հոն ուր կ՚ուզեմ քեզ տանիլ
Չհասայ
Կորսուեցայ առաձգական
Աչքերուն մէջ գիշերուան
Առաւօտէն հինգ քայլ առաջ...։




Comments